2017-05-31 08:51:00

Մոսկուան հարուածած փոթորիկին պատճառով` 16 զոհ եւ 170 վիրաւոր


ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ 29 մայիսի առաւօտեան Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուան եւ Մոսկուայի մարզը հարուածած սաստիկ փոթորիկին պատճառով արձանագրուած են 16 զոհեր եւ 170 վիրաւորներ, անոնցմէ 146-ը հիւանդանոցին մէջ դարմանումի ենթարկուած են, իսկ 108 ուրիշներ տակաւին կը մնան հիւանդանոցը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Մոսկուայի առողջապահութեան բաժանմունքի ղեկավար Ալեքսէյ Խրիփուն:

«Բժշկական օգնութիւն ստանալու համար հիւանդանոց եկած է 168 անձ, 15 հիւանդանոցներ հասցուած են 146 վիրաւորներ», ըսած է ան` նշելով, որ 108 վիրաւորներ, ներառեալ 22 երեխայ, կը մնան հիւանդանոցը:

Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սուպիանին ԹԱՍՍ-ի յայտնած է, որ վնասի տարողութիւնը նկատի ունենալով կարելի է ըսել, որ այս բնական աղէտի հարուածը աննախադէպ է քաղաքի արդի պատմութեան մէջ: Արդէն երեկոյեան օդերեւութաբանները մայրաքաղաքին մէջ կլիմայական վտանգի մակարդակը բարձրացուցած են մինչեւ «նարնջագոյն», ինչ որ կը նշանակէ, թէ  բնական աղէտի կրկնութեան հաւանականութիւն կայ:

Անյետաձգելի ծառայութիւններու տուեալներու` Մոսկուայի մէջ զոհուած է 11 մարդ, բժշկական օգնութիւն պահանջուած է 137 վիրաւորներու համար: «Այս թիւը վերջնական չէ», նշած է ԹԱՍՍ-ի աղբիւրը:

Սոպիանին նշած է, որ, նախնական տուեալներով, Մոսկուայի փոթորիկը տապալած է 3500 ծառ: Փոթորիկի հետեւանքները վերցնելու աշխատանքի լծուած են քաղաքային ծառայութիւններու 35 հազար աշխատակիցներ, աւելի քան 4500 ինքնաշարժ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.